2012-09-13 13:36:11

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց երեսուն վեցերորդ–Գլուխ Գ.­ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ(2)
Հարցում թիւ 125. Որո՞նք են յատկութիւնները Աստուծոյ ժողովուրդին։
Աստուծոյ ժողովուրդին հիմնադիրը Աստուած է, Հայրն Աստուած։ Զայն կառավարողը Յիսուս­Քրիստոսն է։ Իր կենսունակութեան աղբիւրը Սուրբ Հոգին է։ Դուռը, որ թոյլ կու տայ մտնելու այս ժողովուրդին մէջ` մկրտութիւնն է։ Իր արժանապատուութիւնը` ազատութիւնն է Աստուծոյ զաւակներուն։ Իր օրէնքը` սէրն է։ Երբ այս ժողովուրդը հաւատարիմ կը մնայ Աստուծոյ եւ հետամուտ է նախ եւ առաջ Աստուծոյ Արքայութեան, այն ատեն կրնայ աշխարհը փոփոխութեան ենթարկել։
Աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու մէջէն` ժողովուրդ մը կայ որ իր նմանը չունի. Ան ոչ մէկուն ենթակայ է բացի Աստուծմէ. Ան նման է աղին` որ կը համեմէ, թթխմորին` որ կը թաթխուի ալիւրին մէջ, լոյսին` որ կը փարատէ խաւարը։ Այն որ կը պատկանի Աստուծոյ ժողովուրդին` պէտք է գիտնայ որ կրնայ գտնուիլ դէմ յանդիման այն մարդոց որոնք կը ժխտեն Աստուծոյ գոյութիւնը եւ կ՛արհամարհեն անոր պատուիրանները։ Իսկ Աստուծոյ զաւակներու ազատութեամբը` ոչ մէկ բանէ պէտք է վախնայ, ոչ իսկ մահուընէ։
Հարցում թիւ 126. Ի՞նչ կը նշանակէ թէ Եկեղեցին Քրիստոսի Մարմինն է։
Մենք կը կազմենք միութիւն մը Քրիստոսի հետ, գլխաւորաբար խորհուրդներովը մկրտութեան եւ Հաղորդութեան. Անլուծանելի կապ մը կը ստեղծուի իր եւ մեր միջեւ։ Այս կապը այնքան ուժեղ է որ մենք միացած կը մնանաք իրեն ինչպէս գլուխը եւ անդամները` մարդկային մարմնի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.